Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց  Խոաքին Քափարոսի Հետ

25 Օգոստոսին Խոաքին Քափարոս Պիտի Հրապարակէ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Կազմը

Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ 25 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի հանդիպումը, մարզական լրագրողներուն հետ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը ուղղակի պատկերասփռումով պիտի յայտարարէ ազգային խումբ հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն անունները: Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Ժ. խմբակին...

Եւրոպայի Ճատրակի  Տղոց Ախոյեանութեան  Հայաստան Ունի 5 Մասնակից

Եւրոպայի Ճատրակի Տղոց Ախոյեանութեան Հայաստան Ունի 5 Մասնակից

26 օգոստոսին մեկնարկը կը տրուի Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան` Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 5 մասնակից: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:

Խորէն Բայրամեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Խորէն Բայրամեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք յառաջիկայի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ կը հրաւիրուի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական. նախապէս ան Հայաստանի ազգային խումբին շապիկը կրած է 6 անգամ եւ նշանակած 2 կոլ: Ակումբը յաջողութիւն մաղթեց իր ֆութպոլիստին` Հայաստանի...

«Քոնֆըրընս Լիկ».  Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը  Յաղթական` Թուրքիոյ Մէջ

«Քոնֆըրընս Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը Յաղթական` Թուրքիոյ Մէջ

Իտալական Ա. ԷՍ. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը նախացեալ օր «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի նորաստեղծ մրցաշարքին` «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի փլէյ օֆի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը եղաւ թրքական Տրապիզոնսփորին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը այս հանդիպումէն յաղթական դուրս եկաւ 2-1 արդիւնքով: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին: 55-րդ վայրկեանին, Մխիթարեանի փոխանցումէն ետք, իտալացի Լորենցօ Փելլեկրինի նշանակեց փորթուգալցի մարզիչ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Արմենիա  Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի` «ՎԻՊԵԹ» ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա շարունակելով իր յաղթարշաւը, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորավանքը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեց Ուիլֆրիտ Էզա` 23-րդ եւ 52-րդ վայրկեաններուն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արարատ-Արմենիա, որ ունի 12 կէտ, առաւելագոյն կէտը ապահոված միակ խումբն է: Նորավանք 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը: 25 օգոստոսին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանը  Պարտուեցաւ Անտըրլեխթէն

«Չեմփիընզ Լիկ». Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանը Պարտուեցաւ Անտըրլեխթէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աղջկանց ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. խմբակի կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան` Հայասան, որ մրցեցաւ պելճիքական Անտըրլեխթի դէմ, կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Օսիեք քաղաքին մէջ (Խրուաթիա): Նշենք, որ այս տարի Գիւմրիի Հայասան առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր...

«Եուրոփա Լիկ».  Ալաշկերտ 1-0 Արդիւնքով  Պարտուեցաւ Կլասքոյի Մէջ

«Եուրոփա Լիկ». Ալաշկերտ 1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Կլասքոյի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ նախանցեալ օր Կլասքոյի մէջ հիւրը եղաւ Սկովտիոյ ախոյեան Ռէյնճըրզին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն: Հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ (43-րդ) մնաց տասը մարզիկով` Ճոն Լանսթրեմի կարմիր քարտ ստանալէն ետք, սակայն անիկա յաջողեցաւ կոլով մը աւարտել այս հանդիպումը` շնորհիւ քոլոմպիացի...

Ֆութսալ.  Հայաստան-Պոսնիա` 4-2

Ֆութսալ. Հայաստան-Պոսնիա` 4-2

Հայաստանի ֆութսալի աղջկանց ազգային հաւաքականը երէկ յաղթանակով աւարտեց իր ելոյթը, երբ Մոլտավիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան նախնական հանգրուանի Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Պոսնիոյ դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ երրորդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին հայրենի կազմը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նորա Եղեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Օլկա Օսիփեան նշանակեց չորրորդ կոլը: Այսպիսով, Հայաստանի...

Մանուէլ Նէօյըր  Վնասուածք Ունի

Մանուէլ Նէօյըր Վնասուածք Ունի

Պայէրն Միւնիխ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր վնասուածք ստացաւ Պորուսիա Տորթմունտի դէմ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին: Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը նշեց, որ ան այժմ կը բացակայի գերմանացի Ժուլիան Նակելսմանի գլխաւորած կազմին կատարած հերթական փորձերէն: Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան Նէօյըրի մասնակցութիւնը վաղը` կիրակի, Քէօլնի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումին, գրեթէ  դժուար է:  

Քարին Լահուտ Նշանակուեցաւ Ասիոյ  Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Քարին Լահուտ Նշանակուեցաւ Ասիոյ Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Քարին Լահուտ նշանակուեցաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ: Անոր նշանակման այս լուրը հաղորդեց, Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Քիօ Սիոք` յայտնելով, որ Լահուտի ունեցած բաւական մեծ փորձառութիւնը` այս մարզաձեւին մէջ, պիտի նպաստէ անոր յառաջընթացին: Ան եզրափակեց, որ ինք շատ մեծ հաճոյքով պիտի աշխատի անոր հետ: Լահուտի այս նշանակումէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, իր...

Ըմբշամարտ.  Լեովա Գէորգեան` Աշխարհի Երիտասարդական  Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Լեովա Գէորգեան` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեովա Գէորգեան երէկ ռուսական Ուֆա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան հանդիսացաւ փոխախոյեան: 125 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին, հայ ըմբիշը, լարուած պայքարէ մը ետք, պարտուելով իրանցի իր մրցակիցէն, դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Իրանցի ըմբիշը վերջին երկվայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը (4-4), որմէ ետք յաղթական հռչակուեցաւ այս ճակատումին վերջին կէտը շահելուն համար: Նշենք, որ Գէորգեանէն առաջ Հայաստանի համար...

Ալաշկերտ Մեկնեցաւ Սկովտիա

Ալաշկերտ Մեկնեցաւ Սկովտիա

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, երէկ` չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին, մեկնեցաւ Սկովտիա, ուր մրցում մը ունի կատարելիք երկրին ախոյեան` Կլասքօ Ռէյնճըրզի դէմ, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 19 օգոստոսին, Կլասքոյի մէջ գտնուող Այպրոքս մարզադաշտին վրայ, Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 22:00-ին: Նախքան փլէյ օֆի հանգրուան հասնիլը, Ալաշկերտ կը մասնակցէր «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի...

Արտեոմ Սիմոնեան Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը  Պիտի Շարունակէ Վոլկարի Հետ

Արտեոմ Սիմոնեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Վոլկարի Հետ

Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Վոլկար պայմանագրութիւն մը ստորագրեց միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեանի հետ: Նախքան այս փոխանցումը տեղի ունենալը, մեծ հաւանականութիւն կար, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը տեղափոխուի Նիժնի Նովկորոտ: Ընթացիկ տարեշրջանին, Զենիթի սանը իր մասնակցութիւնը բերաւ 16 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ: Թէեւ անոր առաջարկուեցաւ պայմանագիրի երկարաձգում, սակայն ան նախընտրեց միանալ Վոլկարի: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ...

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 20-22 օգոստոսին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գէորգ Պօղոսեան:  

Պայէրն Միւնիխ 9-րդ Անգամ Ըլլալով  Գերմանիոյ Գերբաժակակիր

Պայէրն Միւնիխ 9-րդ Անգամ Ըլլալով Գերմանիոյ Գերբաժակակիր

Տորթմունտի «Սիկնըլ Իտունա Փարք» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխն ու Պորուսիա Տորթմունտը, աւարտեցաւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրնի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Մարքօ Ռէօյս նշանակեց Տորթմունտի կոլը (64-րդ), մինչ Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեւանտովսքի (41-րդ եւ 74-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (49-րդ): Այսպիսով, Պայէրնի նորեկ մարզիչ Եուլիան Նակելսման իր կազմին հետ տիրացաւ իր...

Եուվենթուս Հաստատեց Լոքաթելլիի  Տեղափոխումը

Թոքիոյի Մէջ Փարալիմփիք Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հանդիսատեսներու

Երէկ «Քիոտօ» գործակալութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ամառնային Փարալիմփիք խաղերուն կազմակերպիչները որոշեցին, որ մրցումները պիտի կատարեն առանց հանդիսատեսներու: Թոքիոյի Փարալիմփիք խաղերը տեղի պիտի ունենան 24 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր: Կ՛ակնկալուի, որ այս որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուի այդ խաղերը կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ:  

Եուվենթուս Հաստատեց Լոքաթելլիի  Տեղափոխումը

Եուվենթուս Հաստատեց Լոքաթելլիի Տեղափոխումը

Իտալական Սասուոլոյի 23 տարեկան միջնապահ Մանուէլ Լոքաթելլի տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս, այս մասին յայտնեց առաջինին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Եուվենթուս, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստը, պայմանագիրի աւարտին 35 միլիոն եւրօ վճարելով պիտի գնէ անոր փոխանցման իրաւունքը: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 34 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:  

Քուրթուա Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Քուրթուա Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2026: Նշենք, որ Քուրթուա 2018-ին լոնտոնեան Չելսիէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ:

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լեովա Գէորգեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լեովա Գէորգեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսական Ուֆա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեովա Գէորգեան ապահովեց նուազագոյնը արծաթ մետալ մը: 125 քկ դասակարգի կիսաւարտականին գծով իր կատարած մենամարտին, հայրենի ըմբիշը 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Գէորգեան այս տարի տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականին, յաղթած էր նոյն ազրպէյճանցի մրցակիցին, այս մասին յայտնեց...

Ճատրակ.  Գիւմրիի Մէջ Մեկնարկը Տրուեցաւ Պատանեկան  Միջազգային Բաց Մրցաշարքին

Ճատրակ. Գիւմրիի Մէջ Մեկնարկը Տրուեցաւ Պատանեկան Միջազգային Բաց Մրցաշարքին

Հայրենի լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Գիւմրիի մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ ճատրակի պատանեկան միջազգային բաց մրցաշարքին: 16-23 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս բաց մրցաշարքին կը մասնակցին 223 ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանի մարզերէն եւ արտասահմանէն: Կազմակերպիչներուն հաղորդումով, վերջին անգամ Գիւմրին ճատրակի միջազգային մրցաշարք հիւրընկալած է 2009-ին: Մրցաշարքին կազմակերպիչներն են «64 ճատրակի դպրոց»-ի տնօրէն Նորայր Յովհաննիսեան եւ Գիւմրիի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի մարզադպրոցի...

Page 476 of 1280 1 … 475 476 477 … 1,280

Արխիւներ