Ռէալ Մատրիտի կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի հետ:
33 տարեկան Պենզեմայի նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 30 յունիս 2022:
Իսկ նոր պայմանագիրով ան իր կազմին հետ պիտի մնայ մինչեւ 30 յունիս 2023:
Պենզեմա արքայական ակումբին հետ հանդէս կու գայ 2009-էն ի վեր: Նախքան ատիկա, ան մաս կը կազմէր ֆրանսական Լիոնի:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 34 մրցումի, նշանակեց 23 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: