Ֆրանսական Լիոն ֆութպոլի խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ակումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել զուիցերիացի միջնապահ Էքսհերտան Շաքիրիի ստորագրութիւնը:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէր Լիվըրփուլին, նախապէս ելոյթ ունեցած է նաեւ` Սթոք Սիթիի, Ինթեր Միլանի, Պայէրն Միւնիխի եւ Պալի հետ:
Նշենք, որ Շաքիրիի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 12 միլիոն եւրոյով: