Գերմանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան հանդիսացած Պորուսիա Տորթմունտ, «Պունտըսլիկա»-ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն կրեց անակնկալ պարտութիւն մը, Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով:
Պորուսիա Տորթմունտ տարեշրջանին սկսած էր յաղթանակով:
Իսկ երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ շաբաթ մը առաջ նոր տարեշրջանին սկսած էր հաւասարութեամբ մը, երէկ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` Քէօլնի դէմ, 3-2 արդիւնքով:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի (50-րդ) եւ Սերժ Կնապրի (58-րդ եւ 71-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը: