Նիս-Մարսէյ Մրցումը Ընդհատուեցաւ
Անկարգութիւններու Պատճառով
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Պրեսթի, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն կոլի հեղինակ դարձան Քիլիան Էմպափէ եւ Անխել Տի Մարիա:
Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ: Պրեսթ ունի 2 կէտ:
Նշենք, որ Պրեսթի մարզիչն է հայազգի մասնագէտ Միշել Տէր Զաքարեան:
Տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Նիս հիւրընկալեց Մարսէյը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը, 75-րդ վայրկեանին ընդմիջուեցաւ անկարգութիւններու պատճառով:
Թրիպիւնէն նետուած շիշերէն մէկը դպաւ Մարսէյի միջնապահ Տմիթրի Փայէի մէջքին:
Ան այդ շիշը իր կարգին նետեց դէպի թրիպիւն, որմէ ետք Նիսի համակիրները ներխուժեցին դաշտ, եւ մրցումը ընդհատուեցաւ:
Թէեւ աւելի ուշ կարգուկանոնը հաստատուեցաւ, սակայն Մարսէյ չուզեց դաշտ ներկայանալ:
Ըստ օրէնքի, Մարսէյ 3-0 արդիւնքով պարտուած պիտի հռչակուի, որովհետեւ մրցումը չշարունակեց, մինչ անիկա կ՛ընթանար Նիսի յաղթանակով (1-0):