Սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց իր բանակցութիւնները դադրեցնել Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի 22 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը Էմպափէի պատճառով չ՛ուզեր իր յարաբերութիւնները վատացնել ֆրանսական ակումբին հետ:
Ռէալ Մատրիտ յառաջիկայ ամառ աւելի լաւ առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ Էմպափէին, մանաւանդ որ ան ազատ ֆութպոլիստ մը դառնալով կրնայ միանալ իր նախասիրած ակումբին:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստը եւս կը փափաքի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել սպանական կազմին հետ:
Ներկայ դրութեամբ, Էմպափէի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 160 միլիոն եւրոյով: