Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, Քէօլնի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (3-2), Պայէրն Միւնիխ գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի մրցանիշը Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններուն գծով:
Միւնիխեան խումբը բոլոր մրցաշարքերուն գծով յաջորդաբար 74-րդ մրցումն ըլլալով յաջողեցաւ կոլ նշանակել:
2016-2017 ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած մրցաշարքերուն ընթացքին արքայական ակումբը այդ իրագործումը արձանագրած էր յաջորդաբար 73 մրցումի ընթացքին` նշանակելով 200 կոլ:
Պայէրն 74 մրցումի ընթացքին նշանակեց 214 կոլ: Այդ կոլերէն 72-ին հեղինակը դարձաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: