Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նորուիչը:
Նշենք, որ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Սիթի, տարեշրջանի բացման մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Թոթենհամէն:
Ռահիմ Սթերլինկ նշանակեց Մանչեսթըրի կոլերէն մէկը (71-րդ):
Լիվըրփուլ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Պարնլիին:
Գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին փորթուգալցի Տիեկօ Ժոթթա (18-րդ) եւ սենեկալցի Սատիօ Մանէ (69-րդ):
Ինչ կը վերաբերի լոնտոնեան տերպիի մրցումին, Արսենալ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ռոմելու Լուքաքու (15-րդ) եւ Ռիս Ճէյմս (35-րդ):
Իսկ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, որ հիւրը եղաւ Սաութհեմփթընին, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:




