Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ կատարեց այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Էլչէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի յառաջապահ Անխել Քորէա, 39-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը տարեշրջանի բացման մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Սելթա Վիկոյին:
Սակայն մատրիտեան քաղաքի երկրորդ խումբը` Ռէալ Մատրիտ, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեվանթէի դաշտին վրայ:
Պրազիլցի Վինիսուս Ժունիոր տուպլէ մը իրագործեց (73-րդ եւ 85-րդ), մինչ Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին` Ռէալի առաջին կոլը նշանակեց կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ (5-րդ):
Նետերլանտցի մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանի կազմը` Պարսելոնա, իր կարգին արձանագրեց հաւասարութիւն մը, Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դաշտին վրայ, 1-1 արդիւնքով:
Պարսելոնայի նորեկ, նետերլանտցի Մեմֆիս Տեփայ 75-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Անոր խմբակից Էրիք Կարսիա մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) կարմիր քարտ մը ստացաւ: