Շեֆիլտ Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Աարոն Ռեմստէյլ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արսենալի հետ:
Լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Նշուեցաւ, որ Արսենալի հետ ան պիտի կրէ թիւ 32 մարզաշապիկը:
Ռամստէյլ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ Շեֆիլտ Եունայթըտի հետ, երեք տարի մաս կազմելէ ետք Պուրնմաութին, նախորդ ամառ վերադարձաւ իր հարազատ ակումբին: