1-3 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 43-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Լիբանանեան այս ռելիին իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն «ԷՅ. ԷՄ. ԹԻ.» կիրակի, 29 օգոստոսին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ անոր մասնակցող իր վարորդներուն անունները:
Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ խումբին կեդրոնատեղիին մէջ (Պիքֆայա), երեկոյեան ժամը 18:30-ին:
Նշենք, որ այս ռելիին խումբը պիտի ունենայ չորս ինքնաշարժ:
Անոր վարորդները պիտի ըլլան Հանրի Քահի եւ Քարլոս Հաննա (օգնական), Տէյվիտ Մըզհեր եւ Շետի Նասըր (օգնական), Էլիաս Տըհնի եւ Ամին Աքըլ (օգնական) եւ Ալպեր Հայեք եւ Լուէյ Սաքըր (օգնական):