Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա հիւրընկալեց Ֆիորենթինան:
Այս մրցումը վերջ գտաւ հռոմեան կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին` Ա. Էս. Ռոմայի 2021-2022 տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 26-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Մխիթարեանի նշանակած այս կոլը «ՎԱՐ» համակարգին կողմէ վերատեսութեան ենթարկուելէ ետք «մաքուր» կոլ մը նկատուեցաւ:
Հայրենի ֆութպոլիստը 84-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին 10-ական մարզիկով:
Այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ, ներկայ գտնուեցաւ շուրջ 27 հազար հանդիսատես: