Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ չի կրնար միանալ իր երկրին ազգային խումբին` մասնակցելու համար շուտով տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:
Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ անգլիական ակումբը չ՛ուզեր եւ արտօնութիւն չի տար, որ Սալահ միանայ ազգային խումբի իր խմբակիցներուն:
Պատճառը այն է, որ թոյլտուութիւն ստանալու պարագային, Սալահ «Քորոնա» ժահրի սահմանափակումներուն պատճառով իր վերադարձէն ետք տասը օր պիտի մեկուսանայ:
Նշենք, որ 2, 5 եւ 9 սեպտեմբերին Եգիպտոս յաջորդաբար պիտի մրցի` Անկոլայի, Կապոնի եւ Լիպիոյ դէմ: