Մարզական

Ռէալ Մատրիտ 180 Միլիոն  Եւրօ Կ՛առաջարկէ Էմպափէի Համար

Ռէալ Մատրիտ 180 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Էմպափէի Համար

Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ իր փորձերը` ամէն գնով ձեռք ձգելու համար Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի 22 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի ստորագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ունենալու համար պատրաստ է վճարելու 180 միլիոն եւրօ: Վերջերս փարիզեան կազմը մերժեց Ռէալ Մատրիտի 160 միլիոն եւրոյի առաջարկը:  

2022-ի Մոնտիալ.  Լիբանան Կը Պատրաստուի Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Դէմ  Տեղի Ունենալիք Մրցումին

2022-ի Մոնտիալ. Լիբանան Կը Պատրաստուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), հոն պատրաստուելու Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին վերաբերող մրցումներուն: 2 սեպտեմբերին Լիբանան Տուպայի մէջ պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ, իսկ նոյն ամսուն 7-ին Սէուլի մէջ պիտի մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ: Նշենք, որ Լիբանան իր փորձերը կը կատարէ գլխաւոր մարզիչ, սերպ` Իվան Հաչեքի (57 տարեկան)...

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին  Ընդլայնուած Կազմը

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Երէկ` չորեքշաբթի, 25 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հրապարակեց Հայաստանի հաւաքականին ընդլայնուած կազմը: Ինչպէս ծանօթ է, որ Ժ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Հայաստան, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը, սեպտեմբերին սկիզբը, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երեք մրցում պիտի կատարէ: Հայրենի կազմը յաջորդաբար պիտի մրցի Մակեդոնիոյ (2 սեպտեմբեր),...

Նախարար Վահրամ Թումանեան Ընդունեց  Եւրոպայի Ճատրակի  Ախոյեան Էլինա Դանիէլեանը

Նախարար Վահրամ Թումանեան Ընդունեց Եւրոպայի Ճատրակի Ախոյեան Էլինա Դանիէլեանը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան, երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացած Էլինա Դանիէլեանը: Հաղորդած էինք, որ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ Դանիէլեան առաջին կին կրանտմասթըրն է, որ դարձաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Իր խօսքին մէջ նախարարը ըսաւ. «Ես մեծ պատիւ կը համարեմ, մեր նախարարութեան մէջ ձեզ ընդունիլը: Իսկապէս հպարտ...

«Եուրոփա-Լիկ».  Այսօր` Ալաշկերտ-Կլասքօ  Ռէնճըրզ Դարձի Մրցում

«Եուրոփա-Լիկ». Այսօր` Ալաշկերտ-Կլասքօ Ռէնճըրզ Դարձի Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ-օֆի հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, պիտի ճակատի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան Կլասքօ Ռէյնճըրզի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի հանրապետական դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երթի մրցումը, որ տեղի ունեցած էր Սկովտիոյ մէջ, աւարտած էր դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Երէկ հրապարակուած լուրերուն...

Գագիկ Սարգսեան` Հայաստանի  Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Գագիկ Սարգսեան` Հայաստանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւններուն նոր նախագահ ընտրուեցաւ` փոխարինելով Արթուր Յարութիւնեանը, որ 2016-էն ի վեր իր այս պաշտօնը կը վարէր: «Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի վստահուած այս նոր պաշտօնին համար: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք նաեւ Արթուր Յարութիւնեանին, որ 2016-էն ի վեր մեծ յաջողութեամբ վարեց իր պաշտօնը: Յոյսով եմ, որ, իմ կարգիս, լաւապէս կը կատարեմ այս...

Ուրարտուի 4 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան  Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

Ուրարտուի 4 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

30 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 2 սեպտեմբերին հայրենի կազմը, 2023-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները, իսկ 7 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ: Ուրարտուի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց  Վալվերտէի Համաձայնագիրը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Վալվերտէի Համաձայնագիրը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին սպանական Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ կ՛երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը խումբին միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէի հետ: Այսպիսով, 23 տարեկան ուրուկուէյցի ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2027: Վալվերտէ, որ Ռէալ Մատրիտի սան է, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 33 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ արձանագրեց էսիսթ մը:  

Եիւրկըն Քլոփ Ենթարկուեցաւ  Աչքի Վիրաբուժութեան

Եիւրկըն Քլոփ Ենթարկուեցաւ Աչքի Վիրաբուժութեան

Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբին գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ ենթարկուեցաւ աչքի յաջող վիրաբուժութեան եւ յետ այսու ակնոցի կարիք պիտի չունենայ, որովհետեւ անոր տեսողութիւնը բնական դարձած է: Տեղի ունեցած այս վիրաբուժութենէն ետք, ան ըսաւ. «Կրնամ ըսել, որ ունեցայ յաջող վիրաբուժութիւն մը եւ արդէն լաւ կը տեսնեմ: Ակնոց դնելու սկսայ, երբ տասը տարեկան էի եւ զայն գործածեցի 44 երկար տարիներ:  

Արսենալ Սկսաւ Բանակցիլ  Անթոնիօ Քոնթէի Հետ

Արսենալ Սկսաւ Բանակցիլ Անթոնիօ Քոնթէի Հետ

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը սկսաւ բանակցիլ իտալացի փորձառու մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ: Այս մասին յայտնեց անգլիական «Տը Թայմզ»-ը: Նշենք, որ անգլիական ակումբը դժգոհ է իր սպանացի մարզիչէն` Միկել Արթեթայէն, եւ կը փնտռէ նոր մարզիչ մը: Յայտնենք նաեւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 2021-2022 տարեշրջանին գծով իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն ալ Արսենալ պարտութիւն կրեց: Քոնթէի գլխաւորութեամբ, Ինթեր Միլան նախորդ տարեշրջանին...

Թենիս.  Սերենա Ուիլիամս Պիտի Բացակայի  «Եու. Էս. Օփըն»-ի Կրան-Շլեմի  Միջազգային Բաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Սերենա Ուիլիամս Պիտի Բացակայի «Եու. Էս. Օփըն»-ի Կրան-Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարքէն

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 23 կրան-շլեմի միջազգային մրցաշարքերու ախոյեան հանդիսացած, ամերիկացի Սերենա Ուիլիամս իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին: 39 տարեկան Սերենա վերջերս տեղի ունեցած Ուիմպըլտընի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին ստացած էր ազդրի վնասուածք: «Բժիշկներուն երկարատեւ ուսումնասիրութիւններէն ետք որոշեցինք, որ չմասնակցիմ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին: «Անոնց համաձայն, յաւելեալ ժամանակի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. »  Լիբանանի 43-րդ Միջազգային  Ռելիին Կը Մասնակցին 26 Վարորդներ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. » Լիբանանի 43-րդ Միջազգային Ռելիին Կը Մասնակցին 26 Վարորդներ

Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, 3-5 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Կազմակերպիչ ակումբը երէկ հրապարակեց անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող  26 վարորդներուն եւ անոր օգնականներուն անունները` նկատի ունենալով, որ երէկ վերջին պայմանաժամն էր արձանագրութեան: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 478,83 քմ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բնականաբար...

Հայաստանի Խումբը` Թոքիոյի Փարալիմփիք  Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Հայաստանի Խումբը` Թոքիոյի Փարալիմփիք Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 24 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Թոքիոյի փարալիմփիք խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Դրօշակակիրն ու միակ մասնակիցը սայլակաւոր աթլեթ Սթաս Նազարեանն էր, որ պիտի մասնակցի 100 մեթր վազքի մրցումին: Պատուիրակութեան ղեկավարն է Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան: Սթաս Նազարեան 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի փարալիմփիք խաղերուն: Նշենք, որ 2018-ի ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն ան...

Քարփին Հրապարակեց Ռուսիոյ  Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կազմը

Քարփին Հրապարակեց Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կազմը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վալերի Քարփին հրապարակեց իր վերջնական կազմը, որ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Յառաջիկայ ամսուան սկիզբը Ռուսիա երեք մրցում ունի կատարելիք յաջորդաբար Խրուաթիոյ (1 սեպտեմբեր), Կիպրոսի (4 սեպտեմբեր) եւ Մալթայի (7 սեպտեմբեր) դէմ: Նշենք, որ վերջերս Քարփին իր կազմին մէջ նկատի առաւ Տինամօ...

Արսենալ Վերջին Պայմանաժամ  Տուաւ Արթեթային

Արսենալ Վերջին Պայմանաժամ Տուաւ Արթեթային

Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ»-ը կը տեղեկացնէ, որ լոնտոնեան Արսենալի ղեկավարութիւնը վերջին պայմանաժամ տուած է ակումբին գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթային: Նշուեցաւ, որ անոր մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր պայմանաժամ տրուած է` խումբին խնդիրները դասաւորելու համար: Մինչեւ հոկտեմբեր Արսենալ մրցումներ ունի կատարելիք Մանչեսթըր Սիթիի, Նորուիչի, Պառնլիի, Թոթենհամի եւ Պրայթընի դէմ: 2019-ին Արսենալի մարզիչ նշանակուած Արթեթա մինչեւ 30 յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Արսենալի հետ:...

«Սանթիակօ Պեռնապէօ» Մարզադաշտին Վերաբացումը` 11 Սեպտեմբերին

«Սանթիակօ Պեռնապէօ» Մարզադաշտին Վերաբացումը` 11 Սեպտեմբերին

Սպանական մարզական մամուլը, հիմնուելով Ռէալ Մատրիտի կողմէ տարածուած լուրերուն վրայ, կը տեղեկացնէ, որ յստակացած է Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վերաբացման թուականը: Նշուեցաւ, որ 11 սեպտեմբերին Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին  վրայ կրնայ հիւրընկալել Սելթա Վիկոն: Այսպիսով, մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները տեւեցին 500 օր: «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ իր վերջին մրցումը կատարեց 1 մարտ 2020ին, երբ անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթեց...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Գտաւ  Էմպափէին Փոխարինողը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Գտաւ Էմպափէին Փոխարինողը

Անգլիական Էվըրթընի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ Ռիշարլիսոն շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Փարիզեան կազմին ղեկավարութիւնը 24 տարեկան ֆութպոլիստը կը նկատէ հաւանական փոխարինողը աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին, որ այս ամրան ընթացքին կամ յառաջիկայ ամառ պիտի հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն:...

Ռոնալտօ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ  Մանչեսթըր Եունայթըտ

Ռոնալտօ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Մանչեսթըր Եունայթըտ

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ` վերադառնալով Մանչեսթըր Եունայթըտ: Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ մանչեսթըրեան ակումբը այժմէն իսկ կը պատրաստուի լուրջ ներդրումներ կատարել յառաջիկայ տարեշրջանին գծով իր կազմը աւելի զօրացնելու համար: Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, Եուվենթուս համաձայն է, փոխան 25 միլիոն սթերլինկի, ծախել Ռոնալտոյին: Անգլիական կազմը գրեթէ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Ռոժէ Ֆըղալի Յաղթեց «Հիլ Քլայմպ»-ի  2-րդ Հանգրուանի Մրցումին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ռոժէ Ֆըղալի Յաղթեց «Հիլ Քլայմպ»-ի 2-րդ Հանգրուանի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հիլ Քլայմպ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը, Մըրէյժաթի շրջանին մէջ (Պեքաա): Ինչպէս ծանօթ է, մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 ինքնաշարժներ: Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի տիրացաւ այս հանգրուանի մրցումի տիտղոսին, իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ -6»-ի հետ արձանագրելով 3' 45'' 78 արդիւնք մը: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Ճատրակ.  Շանթ Սարգսեան` Թաշքենդի Միջազգային  Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան` Թաշքենդի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքին, որ նուիրուած էր Ազգամովի յիշատակին, տիտղոսակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգսեան: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սարգսեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով առանձինն գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Տիգրան Յարութիւնեան 6,5 կէտով բաժնեց 2-7-րդ դիրքը: Կրանտմասթըրներ Մանուէլ Պետրոսեան եւ Վահէ Պետրոսեան յաջորդաբար ապահովեցին 6 եւ 4,5 կէտ: Նշուեցաւ, որ...

Page 474 of 1280 1 … 473 474 475 … 1,280

Արխիւներ