Մուրինիոյի 1000-րդ Մրցումը Եղաւ Յաղթական
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Սասուոլոն, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթական մը: Փորթուգալցի անուանի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ այսպիսով կատարեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին 1000-րդ մրցումը (638 յաղթանակ, 204 հաւասարութիւն եւ 158 պարտութիւն): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Էս. Ռոմայի կողմէ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր, 70-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ...




















