Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան Պէյրութ, որ երէկ կատարեց կիսաւարտականի իր մրցումը, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Պէյրութի աղջիկները, որոնք մրցեցան յորդանանեան Շապապ Ֆուհէյս խումբին դէմ, արձանագրեցին 87-70 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Աւարտականին Պէյրութ իր դէմ պիտի ունենայ սուրիական Թաուրան, որ կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց յորդանանեան Օրթոտոքսիի դէմ` 97-74 արդիւնքով: