Ինչպէս ծանօթ է, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականը, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով տեղի կ՛ունենայ առցանց դրութեամբ:
Զօրաւորագոյն դասակարգի Ա. ենթախումբի մրցումներուն երկրորդ օրը, Հայաստանի տղոց հաւաքականը յաղթեց Ռումանիոյ (4,5-1,5), պարտուեցաւ Ղազախստանէն (3,5-2,5) եւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աւստրալիոյ հետ (3-3):
Այժմ հայրենի կազմը, որ ապահոված է խմբային 6 կէտ (ընդհանուր` 18,5), կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Նշենք, որ հաւաքականին մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան:
Առաջին դիրքին վրայ է Ղազախստան` 12 կէտով (ընդհանուր` 24,5):
Փլէյ օֆի հանգրուանի իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն ենթախումբերուն առաջին երկու դիրքերը գրաւած հաւաքականները: