Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Ճափոն հրաժարեցաւ այս տարուան դեկտեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը հիւրընկալելէ:
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖԱ) հաստատեց, որ Ճափոն ատկէ հրաժարեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Սէուտական Արաբիա, որ կը փափաքի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալել, այժմ այս ուղղութեամբ կը բանակցի ՖԻՖԱ-ին հետ: