Հայաստանի ֆութպոլի «ՎԻՊԵԹ» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արարատ Արմենիա, որ հիւրը եղաւ Վանի, արձանագրեց բաւական դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով:
Մինչեւ 91-րդ վայրկեանը, Չարենցաւանի կազմը կը յաղթէր 1-0 արդիւնքով` շնորհիւ Լուիս Մենտեսի նշանակած կոլին:
Սակայն Արտեոմ Աւանէսեան նշանակեց Արարատի հաւասարութեան կոլը` 91-րդ վայրկեանին, իսկ Մայիլսոն Լիմա` հիւր կազմին յաղթանակի կոլը (90+4-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արարատ-Արմենիա կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` ապահովելէ ետք առաւելագոյն 18 կէտը:
Երկրորդ դիրքը 15 կէտով կը գրաւէ Արարատ, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց գործող ախոյեան Ալաշկերտի:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան Ուրարտու-Փիւնիկ եւ Սեւան-Երեւանի բանակայիններ հանդիպումները: