Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Լիկ-1) 5-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս տարեշրջանին բաւական զօրաւոր կազմ մը ունի, արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը եւ ապահովեց առաւելագոյն 15 կէտը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Քլերմոն ֆութի դէմ:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց սպանացի միջնապահ Անտեր Հերերա, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ եւ սենեկալցի Իտրիսա Կանա Կիւյեյէ:
Փարիզեան խումբի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ այս մրցումին համար նկատի չառաւ եւ հանգիստի առիթ մը տուաւ միջազգային ֆութպոլիստներ Լիոնել Մեսսիին, Նէյմարին, Անխել Տի Մարիային եւ Լէոնարտօ Փարետեսին:
Նշենք, որ այս մրցումէն բացակայեցան վիրաւորներ Սերճիօ Ռամոս եւ Մարքօ Վերաթթի: