«Քորոնա» ժահրին պատճառով յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով առցանց դրութեամբ տեղի ունեցող համաշխարհային ողիմպիականի ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը չկրցաւ ապահովել փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը եւ բնականաբար դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Զօրաւորագոյն դասակարգի Ա. ենթախումբին մրցումներուն երրորդ օրը, հայրենի կազմը 4,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Մոնկոլիոյ, 5-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտոնեզիայէն եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Չինաստանին:
Խմբային դասաւորման մէջ, Հայաստան 10 կէտով (ընդհանուր` 28 կէտ) գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ա. ենթախումբէն փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին առաջին երկու դիրքերը գրաւած Ղազախստան` 16 կէտով (34) եւ Չինաստան` 14 կէտով (38,5):