Մարզական

Հայաստանի Լրագրողները Գրաւեցին Երկրորդ  Դիրքը` Լիթուանիոյ Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Հայաստանի Լրագրողները Գրաւեցին Երկրորդ Դիրքը` Լիթուանիոյ Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի լրագրողներու խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 11-13 սեպտեմբերին Լիթուանիոյ մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի 16-րդ միջազգային մրցաշարքին, ապահովելով 19 կէտ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 խումբեր` Հայաստանէն, Լաթվիայէն, Լեհաստանէն, Մոլտովայէն եւ Լիթուանիայէն: Վերջինս ունէր 5 խումբ: Հայրենի կազմը արձանագրեց  վեց յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը: Տիտղոսին տիրացաւ Մոլտովայի...

Ճատրակ.  Հայրենի Երեք Ճատրակ Խաղացողներ Կը Մասնակցին  «Շարժա Մասթըրզ-4» Միջազգային Մրցաշարքին

Ճատրակ. Հայրենի Երեք Ճատրակ Խաղացողներ Կը Մասնակցին «Շարժա Մասթըրզ-4» Միջազգային Մրցաշարքին

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ հայրենի երեք ճատրակ խաղացողներ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք «Շարժա Մասթըրզ-4» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան պիտի ըլլան այս մրցաշարքին մասնակցողները: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 58 ճատրակ խաղացողներ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ եւ բաղկացած պիտի ըլլայ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականը Հասաւ Նորվեկիա

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Նորվեկիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը երէկ` չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին հասաւ Օսլօ (Նորվեկիա), ուր մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ: Այս մրցումը կ՛իյնայ 2023-ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նշենք, որ Նորվեկիա-Հայաստան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):    

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Նորավանք Գիւմրիի Մէջ Յաղթեց Շիրակին

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Նորավանք Գիւմրիի Մէջ Յաղթեց Շիրակին

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նորավանք, որ Գիւմրիի մէջ հիւրը եղաւ Շիրակին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը 74-րդ վայրկեանին նշանակեց ռուս յառաջապահ Արթուր Սոխիեւ: Այսպիսով, Նորավանք ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Այսօր տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Արցախ-Արարատ Արմենիա մրցումը, իսկ վաղը` Վան-Սեւան եւ Երեւանի բանակայիններ-Փիւնիկ մրցումները:    

Կերըթ Պէյլ Մէկ Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Կերըթ Պէյլ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ շաբաթավերջին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա Լիկա»): 32 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացած էր, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը երէկ: Արքայական ակումբին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի...

Ռոնալտօ Կրկնեց Մեսսիի Ցուցանիշը

Ռոնալտօ Կրկնեց Մեսսիի Ցուցանիշը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եանկ Պոյզէն, Զուիցերիոյ մէջ: Անգլիական կազմին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Այսպիսով, Եանկ Պոյզ հանդիսացաւ 36-րդ խումբը, որուն բերդէն Ռոնալտօ կը նշանակէ կոլ, վերոնշեալ մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս ցուցանիշով փորթուգալցի յառաջապահը հաւասարեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Ցարդ որեւէ...

Վերոնայի Մարզիչը  Պաշտօնազրկուեցաւ

Վերոնայի Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ

Իտալական Վերոնայի գլխաւոր մարզիչ Էօզեպիօ Տի Ֆրանչեսքօ երէկ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ պաշտօնազրկուեցաւ` իր օգնական մարզիչներուն հետ միասին: Այս պաշտօնազրկումը տեղի ունեցաւ անոր մարզիչ նշանակումէն երեք ամիս ետք: Տի Ֆրանչեսքօ, որ 7 յունիս 2021-ին գլխաւորած էր իտալական ակումբը, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր մինչեւ յունիս 2023: 53 տարեկան մարզիչին հետ Վերոնա Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») առաջին երեք հանգրուանի բոլոր մրցումներուն...

Անսու Ֆաթի Պատրաստ Է Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգելու Պարսելոնայի Հետ

Անսու Ֆաթի Պատրաստ Է Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Պարսելոնայի Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի 18 տարեկան յառաջապահ Անսու Ֆաթի պատրաստ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու քաթալոնական ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Այս մասին ֆութպոլիստը տեղեակ պահած է նաեւ ակումբի ղեկավարութեան: Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա իր կարգին բաւական լուրջ բանակցութիւններ կը վարէ ֆութպոլիստին հետ: Արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսիի Պարսելոնայէն հեռանալէն...

Թենիս.  Օլիվըր Ֆայսալ Այսօր  Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Թենիս. Օլիվըր Ֆայսալ Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 18-19 սեպտեմբերին թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանան «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ կը հիւրընկալէ Պրազիլը: Նշենք, որ երկու օրերու վրայ երկարող այս մրցումները կ՛իյնան միջազգային Ա. կարգի մրցաշարքին ծիրին մէջ եւ բնականաբար անոնք կը նկատուին բաւական կարեւոր: Այս ուղղութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ այսօր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Ա. ԹԷ....

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտ 4-1 Արդիւնքով  Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտ 4-1 Արդիւնքով Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 4-1 արդիւնքով, Մաքապի Թել Աւիւի (Իսրայէլ) դաշտին վրայ: Հայկական կազմին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի յառաջապահ Ժոզէ Էմպալօ, 17-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Ա. խմբակին մէջ են նաեւ ԷՅՉ....

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ Կոլի Հեղինակ Դարձաւ,  Բայց Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցաւ

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ Կոլի Հեղինակ Դարձաւ, Բայց Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցաւ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ երէկ, Զ. խմբակին մաս կազմող Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրը եղաւ զուիցերիական Եանկ Պոյզին, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` 2-1 արդիւնքով: Մրցումին հաշիւը, 13-րդ վայրկեանին բացաւ անգլիական կազմի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` փոխանցում մը ստանալէ ետք Պրունօ Ֆերնանտեզէն: Անոնց խմբակից Աարոն Ուան Պիսսաքա 35-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:...

Կռփամարտ.  Պելֆորթ Առաջին Իսկ Ռաունտին Նաք Աութի  Ենթարկեց Հոլիֆիլտը

Կռփամարտ. Պելֆորթ Առաջին Իսկ Ռաունտին Նաք Աութի Ենթարկեց Հոլիֆիլտը

Ֆլորիտայի (Միացեալ Նահանգներ) Հոլիվուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի «Թրիլըր Ֆայթ Քլապ» մրցաշարքին ծիրին մէջ, արհեստավարժ կռփամարտի երկու քաշային կարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան, 58 տարեկան ամերիկացի անուանի կռփամարտիկ Էվանտեր Հոլիֆիլտ պարտուեցաւ «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի նախկին ախոյեան Վիքթոր Պելֆորթէն: Պելֆորթ, առաջին իսկ ռաունտին, նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: Նշենք, որ Հոլիֆիլտ կը կշռէ 102,2 քկ, իսկ Պելֆորթ 93,5 քկ: Այս...

Իպրահիմովիչ Բացակայ` Լիվըրփուլի Դէմ  Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն

Իպրահիմովիչ Բացակայ` Լիվըրփուլի Դէմ Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի 39 տարեկան շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին ոտքի վնասուածք ստացաւ, պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել այսօր Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումին: Իպրահիմովիչ, որ վիրաւոր ըլլալով ֆութպոլի դաշտերէն բացակայեցաւ չորս ամիսով, հազիւ ունեցաւ յաջող վերադարձ մը, սակայն դարձեալ վիրաւորուեցաւ Լացիօ Ռոմայի դէմ («Քալչիօ») արձանագրուած յաղթանակին (2-0): Նշենք, որ Բ. խմբակին...

Տաւիտ Լուիս Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ֆլամենկոյի Հետ

Տաւիտ Լուիս Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ֆլամենկոյի Հետ

Պրազիլական Ֆլամենկօ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ յաջողեցաւ ձեռք ձգել պրազիլցի յետսապահ Տաւիտ Լուիսի ստորագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը պրազիլական կազմին հետ հանդէս պիտի գայ մինչեւ դեկտեմբեր 2022: Անոր ակումբը` լոնտոնեան Արսենալը համաձայն չգտնուեցաւ երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը: Անգլիական կազմէն հեռանալէ ետք ան դարձաւ ազատ ֆութպոլիստ մը: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Պէյրութ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ` Յաղթելէ Ետք Սուրիական Սաուրային

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ` Յաղթելէ Ետք Սուրիական Սաուրային

Երէկ` երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր աւարտին հասաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցաւ աւարտական մրցումը` մրցաշարքին գործող ախոյեան Պէյրութի եւ սուրիական Սաուրայի միջեւ: Լիբանանեան կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր նոյնինքն Սաուրայէն, յաջողեցաւ իր մարզական վրէժը լուծել անկէ եւ արձանագրելով 71-67 արդիւնքով յաղթանակ մը, տիտղոսը պահեց իր մօտ` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Մրցաշարքին...

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն».  Մետվետեւ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Ճոքովիչին

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Մետվետեւ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Ճոքովիչին

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազզգային բաց մրցաշարքի տղոց աւարտական մրցումը աւարտեցաւ ռուս Տանիիլ Մետվետեւի յաղթանակով, որ յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով 6-4, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնել աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչը: Այսպիսով, 2-րդ դասուած Մետվետեւ դարձաւ երրորդ ռուս թենիսմենը, որ կը տիրանայ տղոց կրան շլեմի...

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Երկիրներու Առաջին Խաղերուն Հայաստան Տիրացաւ 13 Մետալի

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Երկիրներու Առաջին Խաղերուն Հայաստան Տիրացաւ 13 Մետալի

Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ իրենց աւարտին հասան Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` տիրանալով 13 մետալի: Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Տաճիկիստանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ուզպեքիստանէն 14-23 տարեկան 1100-է աւելի մարզիկներ, որոնք 16 մարզաձեւերու մէջ պայքարեցան 181 մետալներու համար: Հայրենի մարզիկները, որոնք 11 մարզաձեւերու մէջ մասնակցեցան 55 ներկայացուցիչներով, տիրացան...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Այսօր` Մաքապի Թել Աւիւ-Ալաշկերտ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` Մաքապի Թել Աւիւ-Ալաշկերտ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, երէկ մեկնեցաւ Թել Աւիւ (Իսրայէլ), ուր այսօր` երեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին մրցում մը ունի կատարելիք Մաքապի Թել Աւիւի դէմ: Այսօրուան այս մրցումը, որ կ՛իյնայ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ա. խմբակ), պիտի սկսի ժամը 17:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ Ա. խմբակին մէջ են նաեւ` ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ. Հելսինքի եւ ԼԱՍՔ:

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր` Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ Զօրաւոր Ճակատում

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ Զօրաւոր Ճակատում

Խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան ութ ճակատումներ` չորս խմբակներու մէջ: Այսօրուան զօրաւորագոյն ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, ուր Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխը: Ստորեւ` այսօրուան ութ մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ե. ԽՄԲԱԿ. ԺԱՄ Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ 22:00 Տինամօ Քիեւ-Պենֆիքա 22:00 Զ. ԽՄԲԱԿ.   Եանկ Պոյզ-Մանչեսթըր Եունայթըտ 19:45 Վիարէալ-Աթալանթա 22:00...

Սպանական Ֆութպոլ.  Մատրիտի Երկու Կազմերը` Յաղթական

Սպանական Ֆութպոլ. Մատրիտի Երկու Կազմերը` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մատրիտի քաղաքի երկու խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին: Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Սելթա Վիկոն, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմէն ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (24-րդ, 46-րդ եւ 87-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր (54-րդ) եւ ֆրանսացի նորեկ Էտուարտօ Քամավինկա (72-րդ): Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ...

Page 466 of 1280 1 … 465 466 467 … 1,280

Արխիւներ