Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փերուն:
Արձանագրելով իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` Պրազիլ կրկնեց իր իսկ հաստատած մրցանիշը` Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ:
Անիկա նախապէս այդ նոյն մրցանիշը հաստատած էր սեպտեմբեր 2016-էն օգոստոս 2017 երկարած ժամանակամիջոցին:
Ներկայիս 8 մրցում կատարած Պրազիլ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին (18 կէտ):