Երէկ` հինգշաբթի, 9 սեպտեմբերին, տեղի ունեցան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նոր ընտրութիւնները:
Երեւանի Օլիմփիաւանին մէջ տեղի ունեցած համագումարէն ետք, Գագիկ Ծառուկեան վերընտրուեցաւ նախագահ: Ան միակ թեկնածուն էր:
Համաժողովին մասնակցեցան 80 անդամներէն 70-ը:
Փոխնախագահներ ընտրուեցան Արմէն Գրիգորեան եւ Օգսէն Միրզոյեան, մինչ ընդհանուր քարտուղար` Հրաչեայ Ռոստոմեան:
Իսկ գործադիր կոմիտէի անդամներ ընտրուեցան Կարէն Գիլոյեան, Հռիփսիմէ Խուրշուդեան, Յովհաննէս Յովսէփեան, Ռոպերթ Խաչատրեան, Սոկրատ Պետրոսեան, Արմէն Մկրտչեան, Վաղինակ Գալստեան, Յակոբ Փանոսեան, Նարինէ Շահբազեան, Արսէն Գաբրիէլեան եւ Դերենիկ Գաբրիէլեան: