Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Սասուոլոն, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթական մը:
Փորթուգալցի անուանի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ այսպիսով կատարեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին 1000-րդ մրցումը (638 յաղթանակ, 204 հաւասարութիւն եւ 158 պարտութիւն):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Էս. Ռոմայի կողմէ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր, 70-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Այսպիսով, Ա. Էս. Ռոմա, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ: