Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան Պէյրութ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու աղջկանց ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 78-37 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց քաթարեան Մարհա խումբին դէմ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, լիբանանեան կազմը գրաւելով ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` նոյնքան կէտ (7) ապահոված սուրիական Սաուրայի ետին, ապահովեց կիսաւարտականի (ֆայնըլ ֆոր) իր տոմսը, երբ վաղը` կիրակի, 12 սեպտեմբերին կը մրցի յորդանանեան Ֆիւհէյս խումբին դէմ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Սաուրայի եւ Օրթոտոքսիի (Յորդանան) միջեւ: