Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Հիքարու Նաքամուրային
Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ սկսած «Չեմփիընզ Շոտաուն Չես 9 ԷԼ. ԷՔՍ.» ճատրակի մրցաշարքին մասնակցողներուն կարգին է նաեւ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան: Առաջին երեք հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան յաղթեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրային, պարտուեցաւ ռուս Փիոթր Սվիտլերէն եւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ: Այժմ Լեւոն Արոնեան 1,5 կէտով կը բաժնէ 5-7-րդ դիրքերը: Պարագլուխի դիրքին վրայ առանձինն...




















