Ինչպէս ծանօթ է, 18-19 սեպտեմբերին Լիբանանի տղոց թենիսի ազգային խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պրազիլը, թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային Ա. խմբակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լիբանան-Պրազիլ մրցումները տեղի պիտի ունենան «Ա. ԹԷ.ՍԷ. ԷԼ. »-ի ակումբի թենիսի դաշտերուն վրայ` Քասլիք:
Այս գծով Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, «Ա. ԹԷ.ՍԷ. ԷԼ.»-ի մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին, ան պիտի ներկայացնէ ազգային խումբին մարզիկները եւ հակիրճ ձեւով պիտի անդրադառնայ անոնց կատարած փորձերուն: