Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Փորթուգալցի միջազգային վտանգաւոր յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 12 տարի ետք դարձեալ վերադարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, անոր հետ կատարեց իր առաջին մրցումը, Նիւքասըլի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (4-1):
Անոր վերադարձը եղաւ ուշագրաւ` նկատի ունենալով, որ ան յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել (45+2-րդ եւ 62-րդ):
Մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին անոր ազգակից Պրունօ Ֆերնանտեզ եւ անգլիացի Ճես Լինիարտ:
Այժմ Եունայթըտ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը (10 կէտով), իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով նոյնքան կէտ ունեցող Չելսին (2-րդ) եւ Լիվըրփուլը (3-րդ):
Լիվըրփուլ, որ հիւրը եղաւ Լիծ Եունայթըտին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, այսպիսով «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ նշանակեց իր 100-րդ կոլը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով: