Շաբաթէն կիրակի լուսցող օրուան ընթացքին տեղի ունեցաւ թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգայի բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան 18 տարեկան անգլիացի Էմմա Ռատուքանու եւ 19 տարեկան քանատացի Լէյլահ Ֆերնանտեզ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ անգլիացիին յաղթանակով, որ 1 ժամ եւ 51 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:
Նշենք, որ կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ աւարտականի մրցումը տեղի կ՛ունենայ 20 տարեկանէն վար մարզիկներու մասնակցութեամբ:
1999-ին «ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն»-ի աւարտականին 17 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս յաղթեց 18 տարեկան զուիցերիացի Մարթինա Հինկիսին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, իրարու դէմ կը մրցին թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ եւ 2-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ: