Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա յայտնեց, որ ամրան ընթացքին տեղի ունեցած մարզիկներու փոխանցումէն եւ իր կազմէն գոհ է:
«Մենք ստեղծեցինք խումբ մը, որ պիտի պայքարի յաղթանակներու համար: Ունինք գերազանց կազմ մը եւ ամէն գնով պիտի պայքարինք տիտղոսներու համար: Մեր կողքին ունենալով մեր համակիրները` շատ աւելի լաւ արդիւնքի պիտի հասնինք», ըսաւ Լափորթա:
Նշենք, որ 14 սեպտեմբերին Պարսելոնա բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը: