Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ «Չեմփիընզ Շոտաուն Չես 9 ԷԼ. ԷՔՍ.» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առաւելագոյն 9 կէտէն միայն 4 կէտ ապահովելով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 7-րդ դիրքը:
Վերջին երկու հանգրուանի հանդիպումներուն, Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Սեմ Շաքլանտի հետ եւ պարտուեցաւ Լէյնիեր Փերես Տոմինկեսէն:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը 150 հազար ամերիկեան տոլար էր: Իսկ տիտղոսակիրը ստացաւ 37.500 ամերիկեան տոլար: