Երէկ` կիրակի, 12 սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Մոնզայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021 տարեշրջանի աշխարհի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ «Մաքլարըն»-ի աւստրալիացի վարորդ Տանիէլ Ռիքիարտոյի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1 ժամ 21′ 54” արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը 1” ուշացումով գրաւեց անոր խմբակից անգլիացի Լանտօ Նորիս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Մերսետես»-ի ֆինլանտացի վարորդ Վալթերի Պոթթաս` 4” ուշացումով:
Աշխարհի գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») իր ունեցած արկածին պատճառով կրան փրին չկրցաւ ամբողջացնել:
Անոր ճակատագիրին ենթարկուեցաւ նաեւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն: