Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Իր Պայքարը Աւարտեց Մէկ Ոսկի Մետալով
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ 7 հոկտեմբեր 2021-ին սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 8 ըմբիշով մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը իր պայքարը աւարտեց միայն ոսկի մետալով մը: 8 հոկտեմբերին Հայաստանի համար ոսկի մետալի տիրացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան 22 տարեկան Մալխաս Ամոյեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 72 քկ դասակարգի մրցումներուն: Աշխարհի նորընծայ ախոյեանը Օսլոյի մէջ կատարեց չորս մենամարտ եւ արձանագրեց...


















