Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
72 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի փոխախոյեան Մալխաս Ամոյեան, որ մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Սերկէյ Քութուզովի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նախապէս, Ամոյեան Քութուզովի դէմ մրցած էր Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան կիսաւարտականին եւ արձանագրած 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ 22 տարեկան Ամոյեան ծնած է 22 յունուար 1999-ին` Երեւանի մէջ:



