Արժանթին Չկրցաւ Յաղթել
Փարակուէյի
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պրազիլ, որ ցարդ կատարած է 9 մրցում, արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վենեզուելլան:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մարքինիոս (71-րդ), Կապրիել (85-րդ` փենալթիով) եւ Անթոնի (90+5-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պրազիլ ունեցաւ առաւելագոյն 27 կէտը եւ 8 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արժանթինի վրայ, որ իր կարգին կատարած է 9 մրցում:
Իր կարգին, Արժանթին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փարակուէյի հետ:
Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող 34 տարեկան Լիոնել Մեսսի Արժանթինի կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: