Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 16 հոկտեմբերին:
Սկզբունքով անոր մեկնարկը պիտի տրուէր շաբաթ, 9 հոկտեմբերին, բայց այդ մեկնարկը շաբաթով մը յետաձգուեցաւ:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ երթի մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի այսօր` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ մրցումները պիտի պատկերասփռուին` «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանէն: