Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռահիմ Սթերլինկ համաձայն գտնուեցաւ յառաջիկայ տարի տեղափոխուիլ Պարսելոնա, այս մասին յայտնեց սպանական «Սփոր.էս» կայքը:
Ներկայիս 26 տարեկան Սթերլինկի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի` 70-90 միլիոն եւրոյով:
Անոր պայմանագրութիւնը մանչեսթըրեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2023:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») ընթացիկ տարեշրջանին, ան իր մասնակցութիւնը բերած է 7 մրցումի եւ նշանակած է կոլ մը: