Երէկ` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սերպիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2023») զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ը. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ կրած երկու պարտութիւն, կրեց զտումի մրցումներուն իր երրորդ պարտութիւնը` 4-1 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ 36-րդ վայրկեանին 20 տարեկան միջնապահ Միքայէլ Միրզոյեան բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն հիւր կազմը չորս անգամ պատասխանելով, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Հայաստանի հաշուոյն:
Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Ուքրանիա, Ֆարօ կղզիներ, Ֆրանսա եւ Մակեդոնիա:
Գլխաւոր մարզիչ` Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 12 հոկտեմբերին, երբ Աւանի ակադեմիային մէջ կը հիւրընկալէ Մակեդոնիան: