Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ուրարտու-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Դաւիթ Մարտիրոսեան նշանակուեցաւ ակումբի գործադիր տնօրէն:
Մարտիրոսեան 2019-էն ի վեր ակումբին մէջ ստանձնած է արտաքին յարաբերութիւններու եւ մամլոյ բաժինի նախագահի պաշտօնը: