Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ 7 հոկտեմբեր 2021-ին սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 8 ըմբիշով մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը իր պայքարը աւարտեց միայն ոսկի մետալով մը:
8 հոկտեմբերին Հայաստանի համար ոսկի մետալի տիրացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան 22 տարեկան Մալխաս Ամոյեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 72 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Աշխարհի նորընծայ ախոյեանը Օսլոյի մէջ կատարեց չորս մենամարտ եւ արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ (8-0, 5-0, 10-6 եւ 3-1):
Նշենք, որ մետալի տիրանալու մօտ էին նաեւ Նորայր Հախոյեան (55 քկ) եւ Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ):