Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեանի կոչման համար:
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ սկսած աշխարհի ախոյեանութեան 72 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչը` Ամոյեան, որ մրցեցաւ իրանցի Մոհամետ Ռիզայի դէմ, արձանագրեց 10-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 8 հոկտեմբերին, Ամոյեան իր դէմ պիտի ունենայ Սերկէյ Քութուզովը (Ռուսիա):