Ռոնալտօ Հաւասարեցաւ Մեսսիին` Այս Տարուան Ընթացքին Նշանակուած Կոլերու Քանակով
Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին, հեթրիքի հեղինակ դառնալու շնորհիւ, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի 36 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, 2021 տարուան ընթացքին, իր նշանակած կոլերուն քանակով հաւասարեցաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի 34 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Երկու ֆութպոլիստներն ալ այս տարի նշանակած են 38-ական կոլ: Ֆութպոլիստի իր...




















