Սպանացի փորձառու մասնագէտ Քիքէ Սանչես Ֆլորես նշանակուեցաւ Կեթաֆէի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
56 տարեկան Ֆլորես, որ փոխարինեց Միկել Կոնցալեսին (Միչել), այսպիսով երրորդ անգամ ըլլալով կը նշանակուի վերոնշեալ ակումբի մարզիչ:
Ան նախապէս 2004-2005-ին եւ 2015-ին գլխաւորած էր Կեթաֆէն:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանէն ետք, Կեթաֆէ միայն կէտով մը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: