Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ուրբաթ, 8 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Իսլանտա-Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Մոնթենեկրոյէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 39 տարեկան Նիքոլա Տապանովիչ, իսկ անոր օգնականները` Միլովան Ճուքիչ եւ Վլատան Թոտորովիչ:
Իսկ «ՎԱՐ» համակարգին իրաւարարները պիտի ըլլան` նետերլանտցիներ:
Նշենք, որ Իսլանտա-Հայաստան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռէյքիաւիքի մէջ, կ՛իյնայ Ժ. խմբակին 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: