«Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Իտալիա-Սպանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ սպանացիներուն յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով:
Այսպիսով, Իտալիոյ 37 մրցումի անպարտելիութեան շարքը (29 յաղթանակ եւ 7 հաւասարութիւն) հասաւ իր աւարտին:
Իտալիա իր վերջին պարտութիւնը կրած էր 10 սեպտեմբեր 2018-ին` Փորթուգալէն, դարձեալ վերոնշեալ մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Յաջորդական 37 մրցումի ընթացքին մնալով անպարտելի, այսպիսով Իտալիա կը գերազանցէ Պրազիլը եւ Սպանիան (35 մրցում):