Երէկ գիշեր, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուեցան շարք մը մրցումներ:
Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Իսլանտային, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայրենի կազմին կոլը նշանակեց Կամօ Յովհաննիսեան` 35-րդ վայրկեանին:
Հիւրընկալ կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 77-րդ վայրկեանին:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 11 հոկտեմբերին` հիւրը ըլլալով Ռումանիոյ:



