Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, յառաջիկայ կիրակի, 10 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Տրիֆթ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը, «Մըզար Մոթոր Փարք»-ին մէջ (Քֆարզըպիան):
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Մասնակցող վարորդներուն անունները պիտի հրապարակուին շաբաթ, 9 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: