Գերմանական Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ 9 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, այս մասին յայտնեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը:
54 երկիրներու ազգային խումբերը պիտի պայքարին 23 տոմսերուն համար:
24-րդ տոմսը վերապահուած է հիւրընկալ երկրին` Գերմանիոյ, որ զտումի մրցումներուն պիտի չմասնակցի:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան մայրաքաղաք Պերլինի, Քէօլնի, Տորթմունտի, Տիւսելտոլֆի, Ֆրանքֆորթի, Կելսենքիրշի, Համպուրկի, Լայփցիկի, Միւնիխի եւ Շթութկարթի մէջ:
Նշենք, որ Գերմանիա Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը նախապէս հիւրընկալած է 1988-ին, իսկ Մոնտիալի մրցումները` 1974-ին եւ 2006-ին: