Մարզական

Ըմբշամարտ.  Արման Անդրէասեան Ձախողեցաւ  Տիրանալ Պրոնզ Մետալին

Ըմբշամարտ. Արման Անդրէասեան Ձախողեցաւ Տիրանալ Պրոնզ Մետալին

Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ իր աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչ, 70 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Արման Անդրէասեան, որ առիթը ունէր պրոնզէ մետալին տիրանալու, 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Եւգենի Ժերպայեւէն: Անդրէասեան պրոնզէ մետալին համար մղուող պայքարին գծով իր տոմսը ապահոված էր 10-0 արդիւնքով յաղթելով իր սրի-լանքացի մրցակիցին: Նշենք, որ Օսլոյի մէջ Հայաստանի...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար  Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը սկսաւ մարզական հաւաքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 11 հոկտեմբեր: Մարզական հաւաքին ընթացքին հայրենի կազմը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Քաթարի իր հասակակիցներուն դէմ: Երկու կազմերուն միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 հոկտեմբերին, իսկ երկրորդը` 11 հոկտեմբերին:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Տինամօ-Անթունին  Աւարտական Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Տինամօ-Անթունին Աւարտական Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Տինամօ եւ Անթունին: Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումները տեղի կ՛ունենան չէզոք դաշտերու վրայ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին համար նկատի առնուած վայրը պիտի ըլլայ Ամշիթի մարզադաշտը: Նշենք, որ մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան...

Թենիս.  Լիբանանի 12 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային  Խումբը Ապահովեց Ասիոյ Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Թենիս. Լիբանանի 12 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Խումբը Ապահովեց Ասիոյ Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի ախոյեանութեան, Լիբանանի 12 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը, գրաւելով խմբակին երկրորդ դիրքը, ապահովեց Ասիոյ թենիսի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, այս մասին յայտնեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Լիբանան յաղթեց Իրաքի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ, երեքն ալ` 3-0 արդիւնքով, մինչ նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Իրանէն: Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան...

2022-ի Մոնտիալ.  Լուքաս Սելարայեան Ֆրանքֆորթի Մէջ Միացաւ  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

2022-ի Մոնտիալ. Լուքաս Սելարայեան Ֆրանքֆորթի Մէջ Միացաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկ, ամերիկեան Քոլամպուս Քրիու խումբին մաս կազմող 29 տարեկան միջնապահ Լուքաս Սելարայեան երէկ Միացեալ Նահանգներէն հասաւ գերմանական Ֆրանքֆորթ քաղաքը եւ միացաւ սպանացի Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան եղաւ վերջին ֆութպոլիստը, որ միացաւ հաւաքականին, որ երէկ եւ նախանցեալ օր յատուկ փորձեր կատարեց Ֆրանքֆորթի մէջ: Այսօր` չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին, հայրենի...

Կարէն Նալբանդեան` Օլիմփիաքոս-Արսենալ  Մրցումի Իրաւարարներու Տեսուչ

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Կարէն Նալբանդեան` ԺԲ. Խմբակի Մրցումներու Իրաւարարներու Տեսուչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու տեսուչ Կարէն Նալբանդեան երէկ նշանակուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան ԺԲ. խմբակի մրցումներու իրաւարարներու տեսուչ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 6-12 հոկտեմբերին Սլովենիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան ԺԲ. խմբակին մրցումները, ուր իրարու դէմ կը մրցին Իտալիա, Սլովենիա, Իսլանտա եւ Լիթուանիա:

Աշոտ Խաչատուրեանց` Ռուսիոյ  «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Նախագահի Պաշտօնակատար

Աշոտ Խաչատուրեանց` Ռուսիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Նախագահի Պաշտօնակատար

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, 53 տարեկան Աշոտ Խաչատուրեանց նշանակուեցաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի նախագահի պաշտօնակատար: Լուրը հաղորդեց ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը: Երէկ` երեքշաբթի, իր պաշտօնէն հեռացաւ 60 տարեկան Սերկէյ Փրյատքին, որ կազմակերպութիւնը կը գլխաւորէր 14 նոյեմբեր 2007-էն ի վեր: Նշենք, որ ան այս տարուան 16 յունուարին վերընտրուած էր այդ պաշտօնին համար` հինգ տարուան ժամկէտով:

Համագործակցութիւն` Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ  Ֆութպոլի Ֆետերասիոններուն Միջեւ

Համագործակցութիւն` Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոններուն Միջեւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ պիտի գոյանայ համագործակցութիւն: Երկուշաբթի, 4 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը հասաւ Ֆրանքֆորթ (Գերմանիա), ուր հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տըրք Եանոթայի, ֆետերասիոնի այլ անդամներու եւ ֆութպոլի մասնագէտներու հետ: Որոշուեցաւ յատուկ պայմանաւորուածութիւն ստեղծել ֆութպոլի շարք մը հարցերու շուրջ եւ յառաջիկային համագործակցութիւն ընձեռել հայկական կողմին` ֆութպոլի մարզը...

Ճատրակ.  Ծաղկաձորի Մէջ Սկսաւ «Չես-Մուտ»  Միջազգային Բաց Մրցաշարքը

Ճատրակ. Ծաղկաձորի Մէջ Սկսաւ «Չես-Մուտ» Միջազգային Բաց Մրցաշարքը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը ընթացք առաւ «Չես-Մուտ» միջազգային բաց մրցաշարքը: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 երկիրներէ աւելի քան 200 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 25 միջազգային կրանտմասթըրներ, ինչպէս նաեւ` 40 միջազգային եւ «ՖԻՏԷ»-ի վարպետներ:  

Կռփամարտ.  Տեղի Ունեցաւ Մեխակ Ղազարեանի  Անուան Մրցաշարքը

Կռփամարտ. Տեղի Ունեցաւ Մեխակ Ղազարեանի Անուան Մրցաշարքը

Նախկին Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի բաժակակիր Մեխակ Ղազարեանի անուան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ` նախաձեռնութեամբ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին, Գիւմրիի համայնքապետարանին, Գիւմրի համայնքի կռփամարտի մանկապետական մարզադպրոց «ՀՈԱԿ»-ին եւ մարզաշխարհի խումբ մը ներկայացուցիչներու: Մրցաշարքին մասնակցեցան պատանի կռփամարտիկներ Շիրակի մարզէն, Երեւանէն, Վանաձորէն, Արարատէն, Էջմիածինէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն: Մասնակցութեան համար բաժակներու արժանացան բոլոր պատանի կռփամարտիկները: Նշենք, որ մրցաշարքի աւարտական հանգրուանին ներկայ էին...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Աշխարհի  Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Աշխարհի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան, 2 վայրկեան եւ 16 երկվայրկեանի ընթացքին տիրացաւ պրոնզ մետալի: 61 քկ դասակարգին մէջ իր մղած պայքարին, 2019-ի Եւրոպայի ախոյեանը մրցեցաւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Ռանտիվեր Ռանտիվերին դէմ եւ առաջին իսկ ռաունտին 10-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` անոր ոչ մէկ կարելիութիւն տալով: Նշենք, որ Յարութիւնեան իր...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ֆրանքֆորթ

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ֆրանքֆորթ

Երէկ` երկուշաբթի, 4 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ գերմանական Ֆրանքֆորթ քաղաքը, ուր պիտի շարունակէ նախապատրաստուիլ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարելիք մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆրանքֆորթ մեկնող մարզիկները եղան միայն Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերողները: Արտասահմանի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստները, բացի` Անտրէ Քալիսիրէն (վիրաւոր), հայկական պատուիրակութեան պիտի միանան Ֆրանքֆորթի մէջ: Հայաստան Իսլանտա...

Ճատրակ.  Արոնեան Վերջին Հանգրուանին Յաղթեց  Մամետեարովին Եւ Հանդիսացաւ Երրորդ

Ճատրակ. Արոնեան Վերջին Հանգրուանին Յաղթեց Մամետեարովին Եւ Հանդիսացաւ Երրորդ

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ, «Չեմփիընզ Չես Թուր Ֆայնըլզ»-ի 9-րդ հանգրուանին յաղթեց Ազրպէյճանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողներէն Շահրեար Մամետեարովին: Արագ ճատրակի առցանց այս մրցաշարքին, Արոնեան յաջորդաբար երկու մրցում յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, նախ սեւ, ապա ճերմակ քարերով, իսկ յաջորդ մրցումը աւարտեց հաւասարութեամբ, այսպիսով տանելով վերջնական յաղթանակը` 2,5-0,5 արդիւնքով: Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանին Արոնեան...

Ճատրակ.  Ռուսիա Հանդիսացաւ Աղջկանց Ճատրակի Խմբային  Ախոյեանութեան Աշխարհի Ախոյեան

Ճատրակ. Ռուսիա Հանդիսացաւ Աղջկանց Ճատրակի Խմբային Ախոյեանութեան Աշխարհի Ախոյեան

Սպանական Սիտկես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի միջեւ: Տիտղոսին տիրացան Ռուսիոյ աղջիկները, որոնք աւելի զօրաւոր գտնուեցան հնդիկներէն: Նշենք, որ այս տարի այս ախոյեանութիւնը կատարուեցաւ նոր ձեւաչափով` 45+10 արագ ճատրակ:  

«Քալչիօ».  Նափոլիի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

«Քալչիօ». Նափոլիի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նափոլի շարունակելով իր յաղթարշաւը արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆիորենթինայի դաշտէն: Իտալացի Լուչիանօ Սփալեթթիի գլխաւորած կազմին յաղթանակը կերտողները հանդիսացան մեքսիքացի յառաջապահ Ըրվին Լոսանօ եւ քոսովոցի յետսապահ Ամիր Ռահմանի: Նափոլի, որ այժմ յառաջատարն է, ապահոված է առաւելագոյն 21 կէտը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ա....

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Պարտուեցաւ Միւնիխի Մէջ

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Պարտուեցաւ Միւնիխի Մէջ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Պայէրն ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Լէոն Կորեթցքայի (29-րդ), սակայն այս կոլէն երեք վայրկեան ետք, աւստրիացի յետսապահ Մարթին Հինթերեկեր նշանակեց 1-1-ի հաւասարութեան կոլը: Սակայն 83-րդ վայրկեանին, սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչ նշանակեց հիւր կազմին...

Հաալանտ Բացակայ` Նորվեկիոյ  Կատարելիք Երկու Մրցումէն

Հաալանտ Բացակայ` Նորվեկիոյ Կատարելիք Երկու Մրցումէն

Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս ամսուան ընթացքին Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք մրցումներուն, այս մասին յայտնեց գերմանական «Քիքըր»-ը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վնասուածք ունի, պիտի շարունակէ բացակայիլ ֆութպոլի դաշտերէն: Ան արդէն իսկ բացակայեցաւ իր ակումբին կատարած նախորդ երեք մրցումներէն: 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Նորվեկիա 8 հոկտեմբերին պիտի մրցի Թուրքիոյ դէմ,...

Քլաուտիօ Ռանիերի Նշանակուեցաւ  Ուաթֆորտի Մարզիչ

Քլաուտիօ Ռանիերի Նշանակուեցաւ Ուաթֆորտի Մարզիչ

Իտալացի փորձառու ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի նշանակուեցաւ Ուաթֆորտի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 69 տարեկան Ռանիերիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը: Այսպիսով, Ռանիերի փոխարինեց սպանացի Խիսքօ Մունոսը, որ պաշտօնանկ եղաւ 10 ամսուան պաշտօնավարութենէ մը ետք: Նշենք, որ Ռանիերի բաւական փորձառու է Անգլիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան անցեալին եղած է Չելսիի, Ֆուլհեմի եւ Լայսթըր...

Ֆութսալ.  Փորթուգալ Հանդիսացաւ  Աշխարհի Ախոյեան

Ֆութսալ. Փորթուգալ Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Լիթուանիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Փորթուգալ, որ մրցեցաւ Արժանթինի դէմ, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան` արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Վարելա նշանակեց յաղթական կազմին կոլերը (15-րդ եւ 28-րդ), մինչ Արժանթինի կոլը` Քլաուտինօ (20-րդ): Նշենք, որ Փորթուգալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան: Ինչ կը վերաբերի Արժանթինի, անիկա տիտղոսին տիրացած էր 2016-ին:  

Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Արձանագրեց  Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Պէյրութ երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 99-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պահրէյնեան Մանաման: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պէյրութ թէեւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, սակայն այսօր` երկուշաբթի 4 հոկտեմբերին, յաւելեալ յաղթանակի մը կարիք ունի` գրաւելու համար իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, անշուշտ եթէ կարենայ...

Page 459 of 1280 1 … 458 459 460 … 1,280

Արխիւներ